2017-03-10 10:30:00

Սուրիոյ հարցով Ասթանայի յառաջիկայ ժողովը` 14-15 մարտին


Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով Ասթանայի յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի եւ տեղի պիտի ունենայ մարտ 14-15-ին:

Միջսուրիական հանդիպումին պիտի մասնակցին «Ասթանայի հոլովոյթ»-ի երաշխաւոր երկիրներ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւնները: Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ նաեւ հրաւէրներ յղուած են ՄԱԿ-ին, Միացեալ Նահանգներուն եւ Յորդանանին` աւելցնելով, որ երաշխաւոր երկիրները կը սպասեն ժողովի մասնակցութեան վերաբերեալ Սուրիոյ կառավարութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան հաստատումներուն:

Միւս կողմէ, «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 22 մարտին Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի քննարկման միջազգային ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին 68 երկիրներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.